2011-06-13 12:02:17

<<Մարդկային Իրաւունքները Եւ Երանելի Վոյթիուան>> Խորագրով Ձեռնարկ Ժընեւ Մակի Գրասենեակի Մէջ։


Սուրբ Աթոռի մնայուն պատգամաւորութիւնը եւ Լեհաստանը, Ժընեւի Մակի գրասենեակի մէջ <<Մարդկային Իրաւունքները եւ երանելի Վոյթիուան>> խորագրով ձեռնարկ մը կազմակերպած են, որ տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ 20 յունիսին։ Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բարձրաստիճան եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ ու նախատեսուած է այս առթիւ պատգամը մը որ պիտի տայ Վատիկանի պետական քարտուղար Կարտինալ Պերթոնէն ։ Այս առթիւ Մակի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայու դէտը Արքեպիսկոպոս Սիլվանօ Մարիա Թոմազին Ռատիովատիկանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Մարկային իրաւունքներու նուիրուած այս ձեռնարկի կարեւորութեան, միջազգային գետնի վրայ , ինչպէս նաեւ ՅՊԲ.ի կարեւոր դերին մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ու անոնց բարելաւման ուղղութեամբ։ Գերապայծառ Թոմազին ապա յայտնած է թէ՝ հանդիպման ընթացքին պիտի շօշափուին կարեւոր նիւթեր. ինչպէս՝ կրօնական ազատութիւնը, ՅՊԲ.ի նպաստը քրիտոնեայ եւ հրեայ կրօններու միջեւ նոր յարաբերութիւններուն , աշխատանքի իրաւունքը եւայլն։ Այսօր եւս - ըսած է Վատիկանի մնայուն դէտը - ՅՊԲ.ի ուսուցումը կը շարունակէ իր ազդեցութիւնը ունենալ պատճառ հանդիսանալով միջազգային գետնի վրայ կարեւոր վէճերու՝ ուր առաջնահերթութիւնը չի տրուիր շահերու կամ այսպէս ըսուած politically correct <<քաղաքականօրէն ուղիղ>> հարցերու, այլ՝ անհատի արժանապատուութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.